41880 - Ցեղասպանութեան ենթարվուած ժողովուրդներու ապագան
Н. Лигерос
Յունարենէն թարգմանութիւնը՝ Ա. Մ. Բրասի
Որքան ալ անհաւանական կը թուի, ցեղասպանութեան ենթարկուած մարդիկ ապագայ ունին: Քանի որ անոնք ոչ միայն ցեղասպանութեան զոհ են, այլեւ վերապրածներ: Այդ մարդիկ թէեւ դատապարտուեր են համակարգուած ոչնչացման, բայց անոնք չեն մահացեր: Սա կը նշանակէ, որ անոնք մօտէն տեսեր են մահը, բայց անոնց ժամանակը չէ եկած: Շնորհիւ Լեմկինի՝ ցեղասպանուած ժողովուրդներուն համար առաջին հերթին ընդունուեցաւ ցեղասպանութիւններու դատապարտումը, բայց կայ նաեւ անոր հետեւանքներու ուղղման ընթացակարգ, որ չի դադրիր ճանչնալու փուլով, այլ կը շարունակուի ժխտման քրէականացումով, գոյքի վերականգնումով ու նոյնիսկ հողի վերադարձով: Ոչինչ կը կորչի, որովհետեւ պայքար կայ ատոր համար: Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն թոյլ չեն տար ինքնասպան ըլլալու սեփական սխալներով, քանի որ անոնք Մարդկութեան անմեղ հատուածի մասը կը կազմեն: Անոնց համար լաւագոյն ելքը՝ արդարացի ըլլալն է, որպէսզի այլ ժողովուրդները պաշտպանեն բարբարոսութենէ։ 2019 թ.-ին՝ Պոնտոսի Յոյներուն դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը կը դառնայ մէկդարեայ ցեղասպանութիւն, ինչը կը նշանակէ, որ անոնք կրցան հասնիլ Ժամանակագրական Ռազմավարութեան առաջին միաւորին, հակառակ անոր, որ ցեղասպանները նոյնիսկ եթէ համոզուած ըլլային, որ այս ժողովուրդի պայքարը շարունակելու համար ոչ ոք պիտի գտնուէր: Եւ այս միջոցին, մէկդարեայ ցեղասպանութիւնը կ՛ապացուցէ, որ անմեղներն ու ժողովուրդի մը իրաւունքները կրնան յաղթահարուիլ՝ իրենց լուսարձակումով առաւել բարբարոսական մթութեան մը դէմ: